2013-02-01 12:25:24

Հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան` Պատասխանատու Խմբագիր Մասիս Պատրիարքական Թեմի Շաբաթական Պարբերաթերթի։


Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Պատրիարք` Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաէողիկոս Պատրիարքը Հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեաը անուանեց Մասիս Պատրիարքական Թեմի Շաբաթական Պարբերաթերթի անոր յղելով այս գիրը։

Գեր. Հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան,
Այս գիրով քեզ կ'անուանենք Պատասխանատու Խմբագիր Մասիս պատրիարքական թեմի շաբաթական պարբերաթերթի, յաջորդելով Գերյ. Հայր Անդրանիկ Ծ.Վրդ. Կռանեանի, հանգիստի կոչուած տարիքի բերումով, ունենալով որպէս Պատասխանատու Տնօրէն Տիար Սարգիս Նաճարեանը:
Մեր մաղթանքն է որ կարենաս ընտրել եռանդուն, հաւատարիմ եւ փորձառու գործակիցներ շուտափոյթ կերպով վերահրատարակելու համար Պատրիարքական 66-ամեայ թեմական միակ պարբերաթերթը:
Ապահով եղիր, սիրելի վարդապետ, որ Մասիս պարբերաթերթը պիտի վայելէ մեր լման հոգածութիւնը, նկատի ունենալով հաղորդակցութեան միջոցներու յոյժ կարեւորութիւնը, մանաւանդ Նոր Աւետարանացման առաքելութեան գործին մէջ:
Յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով եւ հայրական օրհնութեամբ՝
+ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց








All the contents on this site are copyrighted ©.